2013-11-13 08:34:58

Միլանոյի առաջնորդ` Կարտինալ Անճելօ Սքոլայի հանդիպումը Մոսկուայի Կիւրեղ պատրիարքին հետ` ''Հռոմի եւ Մոսկուայի միջեւ կապետու սերտացում''։


Միլանօ թեմի առաջնորդը կարտինալ Անճելօ Սքսոլա ներկայիս կը գտնուի Մուսկուա վերակոչելու` Կոստանտին Կայսերի հրովարտակի 17-րդ դարադարձը ու մասնակցելու այս առթիւ կազմակերպուած արարողութիւններու շարքին։
12 Նոյեմբերին կարտինալ Սքոլա հանդիպում ունեցաւ Մոսկուայի ու համայն Ռուսիոյ պատրիարք` Կիւրեղ Ա-ին հետ։ Երկու եկեղեցիներու միջեւ մօտեցումը օրէօր աւելի զգալի է համամիութենական գետնի վրայ, ինչպէս նաեւ ներկայ ժամանակներու մարտհարաւէրներու ի տես, հարկաւորութիւնը կը զգացուի միասնաբար պաշտպանելու քրիստոնէական արժէքները։

Տեղական գետնի վրայ նաեւ մօտեցումներ կը նշմարուին։Արդարեւ անցեալ 17 օգոստոս 2012-ին, Մոսկուայի Պատրիարքը եւ Լեհաստանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը, միացեալ յայտարարութիւն ստորագրեցին երկու ազգերու միջեւ երկխօսութեան ու հաշտութեան հաստատումին ի խնդիր։Այս ստորագրութենէն երկու օր ետք, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կիրակնօրեայ հրեշտակ Տեառն մարմեան աղօթքին ընդթացքին ընդգծեց կարեւորութիւնը այս վաւերաթուղթին, որակելով զայն որպէս ''յոյժ կարեւոր դէպք մը որ յոյս կը յարուցէ երկու եկեղեցիներու ապագային համար''։
Վերջին ամիսներուն, Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու իրավիճակը (որոնց մեծամասնութիւնը օրթոտոքս են) եւ Սուրիոյ պատերազմը Վատիկանն ու Մոսկուան իրարու մօտեցուցին։ Յառաջիկայ օրերուն նախագահ Փութին Վատիկանը պիտի այցելէ վերահաստատելու այդ մօտեցումը։ Մինչ 12 նոյեմբերին Վատիկան այցելեց ու Սրբազան Հօր հետ հանդիպում ունեցաւ Համայն Ռուսիոյ Օրթոտոքս Պատրիարքութեան` միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի նախագահ` Մետրոպոլիտ` Հիլարիոն Տի Վոլոքոլամսքը։ Ռուսական մամուլը կը յայտնէ որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը շատ ժողովրդական անձ մը դարձած է նաեւ Ռուսիոյ մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.